2014-10-27 10:43:57

Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի այցելութիւնը` Հայաստան։


(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` Կիրակի 26 հոկտեմբերի երեկոյեան, միօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։
Իր կեցութեան ընթացքին, երկուշաբթի 27 հոկտեմբերին, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահը հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքական եւ պետական իշխանութիւններուն հետ, որոնց շարքին Հայաստանի վարչապետ` Տիար Յովիկ Աբրահամեան։
Կարդինալ Ռավազին կ՛այցելէ Երեւանի Պետական համալսարանը ուր հանդիպում կ՛ունենայ Համալսարանի Րէկտորին հետ հուսկ կը մասնակցի ''Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ` Քրիստոնէութեան համընդհանուր ժառանգութիւն'' նկարչական ցուցահանդէսի ցուցակի, Ռուսերէն եւ Հայերէն թարգմանութեան ներկայացումին, ապա կէսօրին կը փոխադրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր նախատեսուած է եպիսկոպոսական դասին հետ հանդիպում եւ ճաշկերոյթ։
Յետմիջօրէին Կարդինալը հանդիպում կ՛ունենայ խորհրդարանի նախագահ` Տիար Գալուստ Սահակեանի հետ հուսկ կ՛այցելէ ''Կաֆեսճեան'' արուեստի կեդրոնը,Փարաճանովի թանգարանը ու հանդիպում կ՛ունենայ ՀՀ մշակոյթի նախարար` Տիկ Յասմիկ Պօղոսեանին հետ ու ապա կը մասնակցի իրեն պատուոյն սարքուած հիւրասիրութեան։
Նշենք թէ Կարդինալ Ռավազին պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպ Մինասեանին հետ
Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդն ու անոր նախագահը, բարեկամական ու սերտ կապեր ունին ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանատան հետ եւ անցեալ Սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը հովանաւորած էր ՀՀ դեսպանատան ջանքերով` Հռոմի մէջ կազմակերպուած, Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին հետաքրքրական մէկ կարեւոր ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարեց ՀՀ նախագահ` Սերժ Սարգսեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.